2013-10-21 13:30:59

''Դրամասիրութիւնը` մարդիկը, ընտանիքները եւ յարաբերութիւնները կը քանդէ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ։


Երկուշաբթի, առաւօտեան ժամը 7-ին, Տոմուս Սանդա Մարդայի մատրան մէջ մատուցած առօրեայ սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով օրուան աւետարանին, որուն մէջ կը պատմուի այն մարդուն մասին որ Յիսուսի կը դիմէ, իր եւ իր եղբօր միջեւ կայացած ժառանգութեան հարցը լուծելու համար, Քահանայապետը հաստատեց թէ ''այս հարցը առօրեայ հարց մըն է։ Քանի՜, քանի՜ ընտանիքներ դրամի պատճառաւ ցուլուեցան եւ մէկը միւսին դէմ ելաւ` հայրը որդւոյն դէմ, եղբայրը եղբօր դէմ...։
Երբ անձ մը դրամասէր է, ինքզինք ու իր ընտանիքը կը կործանէ, որովհետեւ դրամը քանդիչ է։ Յիսուս երբ կը պատմէ հարուստ մարդու առակը իրեն համար գանձեր դիզելով կ՛ապրի, խիստ խօսքեր կը գործածէ դրամամոլութեան դէմ։Ան կը հանդիմանէ թէ ''կարելի չէ ծառայել երկու տէրերո''ւ եւ կը յորդորէ ''չմտահոգուիլ` որովհետեւ Աստուած գիտէ մեր կարիքները եւ թէ պէտք ենք վստահիլ Անոր որ թռչուններուն սնունդ կ՛ապահովնցէ''։
Տէրը մեզի կը սորվեցնէ թէ ո՞րն է իսկական ճանապարհը` աղքատութեան համար աղքատութեան ճանապարհ չէ։ Ո՛չ։ Այլ աղքատութիւնը գործածելու ենք որպէս միջոց, որպէսզի Աստուած ըլլայ մեր միակ Տէրը։ Ան մեզի կը շնորհէ երկրային բարիքները որպէսզի յառաջ ընթանանք, եւ յառաջ ընթանայ մարդկութիւնը, եւ որպէսզի մեր հարստութիւնները օգտագործենք` ուրիշները օգնելու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.